Գօրծոն Դաշակցութիւն, յարատեւ պայքար
Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Պուէնոս Այրեսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի կազմակերպութեամբ, անցեալ Կիրակի Նոյեմբեր 30ին, «Խրիմեան» Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը՝ աւելի քան 200 ներկաներով:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի հոգեւոր Հայր Սուրբ՝ Արեն Շահինեանը, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, Համազգայինի, Պատանեկան Միւթեան եւ ՀՅԴ տարբեր մարմիներու ներկայացուցիչներ:
Նախքան հանդիսութեան սկսիլը, «Մանուկեան» կոմիտէութեան շարքերը համալրեցին 7 նորագիրներ: Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան շրջանիս Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ առաջնորդութեամբ ընկեր Ժանիկ Քէչեան: Ուխտեալ ընկերներ/ուհիներուն կնքահայրն էր ընկեր Յակոբ Թապաքեան: Ան իր ամփոփ խօսքով շեշտեց նորագիրներուն դաշնակցութեան միջոցաւ ազգին ծառայելու յանձնառութիւնը: Ան յորդորեց անոնց՝ նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ ծառայել ազգին ու հայրենիքին:
Հանդիսութիւնը գործադրուեցաւ կոկիկ եւ բաւական բարձր մակարդակով։ Յայտագիրին մէջ կար յուզիչ ներկայացում ընկեր Գալուստ Ճանսսեան արտասանութեամբ:
Հետեւաբար, խօսքը ուղեց «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի հերթապահ, ընկեր Ակուսթին Անալեան, որ կ՛ըսեր. Այս երեկոյ, մենք կը նշենք տարեդարձը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129ամեայ ծառայական գործին:
Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը եղած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի յառաջապահը: Արցախի ազատագրական պայքարին իր բերած անփոխարինելի ներդրումով եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի պետականութեանց իր անվերապահ զօրակցութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան, եւ այդ նուիրական գործին այսօր մենք կը միանաք՝ ապահովելով անոր շարունակականութիւնը:
Այն օրը, երբ որ երդումը կատարենք, կ՛ըլլայ առաջինը՝ երկար տարիներու ազգանուէր գործունէութեան եւ մեր պահանջատիրական պայքարի ամբողջական նուիրաբերումին։
Ժողովուրդին ծառայելն ու ժողովուրդի ծառայութեան գործն են, որ իմաստ կու տան Դաշնակցութեան գոյութեան. ոգի եւ սլացք կը ներշնչէ դաշնակցական մարդոց, եւ վերջապէս՝ ծառայութեան ու գործի արգասիքներն են, որ զանգուածները վերջ ի վերջոյ հետեւորդ ու համակիր կը դարձնեն Դաշնակցութեան:
Դաշնակցութիւնը միշտ կայ. Պէտք է նշուած դէպքերը թող չափազանցութիւն չթուին կամ Դաշնակցութեան հաշւոյն անհամեստութիւն չարձանագրուին: Անցեալը կ՛ըլլայ չափանիշը, անշուշտ: Բոլո՛ր այն հանգրուաններուն եւ իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք հայութիւնը յուզած են, կամ
տագնապներու դուռ բացած են հայութեան մէկ մասնիկին համար, պիտի տեսնենք, որ հոն ներկայ է Դաշնակցութիւնը տագնապի լուծման գործին մէջ իր բաժինը վերցնելու, իր ծառայութիւնը մատուցելու համար: Եւ մենք, հարգելով մեր անցեալը, որոշեցինք հանդիսատես ըլլալ այն պատմութեան, սակայն այս ժամանակներուն մէջ ըլլալ գլխաւոր դեմքեր:
Ժողովուրդէն ծնած, եւ մեր ժողովուրդի պայքարին ի խնդիր յարատեւող Դաշնակցութիւնը՝ հաւաքականին ծառայող եւ հաւաքական մշակոյթի սկզբունքներով առաջնորդուող կազմակերպութիւն է։ Այս իրականութիւնը, այսօր, առօրեայ իմաստով փորձութեան կ՛ենթարկուի։ Գաղափարական մեր կողմնացոյցը երբեմն կը կորսնցնենք եւ մեր ուղղութիւնը կը ճշդենք անհատական կարծիքներու բանաձեւումով, փոխանակ տեսնելու զանոնք մեր Ծրագիրին ու կանոնները։ Զգո՛յշ սիրելի ընկեր/ուհիներ, չանհատականացնէնք Դաշնակցութիւնը: Քայլ առ քայլ այն խնդիրը մեզի պիտի տկարացնէԴաշնակցականը՝ ո՛վ ալ ըլլայ ան, ՀՅԴ Ծրագիրին եւ անոր ժողովներէն բխած որոշումներուն զինուո՛րն է։ Անդրադարձած են այս իրողութեան նոյնիսկ Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրանիկի պէս պանծալի դէմքեր, եւ նկատած, որ չկայ անհատ, որ կը գերադասէ Դաշնակցական ժողովի գծած ուղին, եւ զայն գաղափարական սկզբունքները։ Կառչած մնա՛նք այս ըմբռնումին, մանաւանդ՝ մութ եւ ծանր օրերուն։ Պաշտպանենք եւ պահակը ըլլանք Դաշնակցութեան կարգապահութեան, որ 129 տարիներու ընթացքին կուսակցութիւնը կանգուն պահող կարեւորագոյն սիւներէն մէկն է եղած։
Չ՛մոռնաք, որ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական սկզբունքները իւրացուցած կազմակերպութիւն է, եւ իր ակունքները մարդու իրաւունքներու ամբողջական արդարութեան ծառայելու հեռանկարով են ամրապնդուած։
Այո՛, մեր պայքարը ազգային է. այնքան ատեն որ մեր ազգային ազատագրական պայքարը չէ հասած իր արդար լրումին, մենք պարտաւոր ենք նուիրաբերուիլ անոր, որովհետեւ մեր միջոցները հազիւ թէ բաւարար ըլլան անոր համար։ Սակայն, Դաշնակցութիւնը երբե՛ք չի կրնար լուռ մնալ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման դիմաց եւ երբե՛ք չի կրնար իր պայքարը տեսնել անջատուած այդ իրողութենէն։ Ուրեմն մեր տեսլականը վերջապէս ամբողջացնենք սիրելիներ՝ Ազատ, Անկախ, Միացեալ եւ Արդար Հայաստան կ՛ուզենք։
Այսօր, իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմին ու դաշնակցական ընկեր/ընկերուհի, խմբագիր, գործարար, ուսուցիչ թէ ուսանող, այսինքն մենք՝ պէտք է վերաթարմացնենք մեր ընթացքը ու վերանորոգենք մեր երթը՝ միշտ ու միշտ գլխաւոր չափանիշ ընտրելով ժողովուրդի ծառայութիւնը, հաշիւ տալով, թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչքանո՞վ ծառայութիւն կը մատուցենք մեր ժողովուրդին ու անոր Դատին:
Հերոսներու եւ նահատակներու սխրանքը վկայ, դրօշը բարձրացնե՛նք, մեր արեան կանչով ենթակայ՝ վեհ Դաշնակցութեան:
Վեր կաց ընկերներ/ընկերուհիներ, ամուռ շարք դառնանք, նոր ճակատագիրը կերտենք, Հայ Դատի լուծման գործը անդադար շարունակենք, եւ ընկերվարութեան ճամբայ բանանք:
Միասին բռունցք վերցնելով, մէ՛կ նպատակի համար, մէ՛կ դատի համար ու մէ՛կ հայրենիքի համար, ծառայելով տողանցե՛նք դէպի յաղթանակ, մինչե՛ւ յաղթանակ: