Վանայ Սարգիս (Սարգիս Բարսեղեան, 1875 -1915). Հայ Յեղափոխականի եւ Դաշնակցականի ուսանելի ուղին
24 Ապրիլ 1915ի գիշերը, Պոլսոյ մէջ, թրքական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եւ ազգային¬քաղաքական ղեկավար դէմքերու շարքին կը գտնուէր հայ յեղափոխականի եւ դաշնակցականի օրինակելի կերպար հանդիսացող Վանայ Սարգիսը, որ իր ձերբակալութենէն քանի մը օր ետք, Ապրիլ 30ին, զոհ գնաց թրքական պետութեան գործադրած մեծ ոճիրին՝ դառնալով Ցեղասպանութեան առաջին նահատակներէն մէկը։
Ինչպէս որ Ռուբէն կը նշէ իր յուշերուն մէջ՝ «Առհասարակ շատ բան չեն գիտեր մեր շարքերը այս մեծ մարդուն մասին»։ Այսուհանդերձ՝ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման եզակի հսկաներէն էր Սարգիս Բարսեղեան կամ Վանայ Սարգիս անուններով ճանչցուած գանձակեցի այս հայորդին, որուն գաղափարական դէմքն ու արժէքը լաւագոյնս խտացուցած է Ռուբէն իր յուշերէն առնուած վերեւի խորհրդածութեան շարունակութեան մէջ:
«Ան մէկն էր այն տէրվիշներէն, որ ոչ մէկ փայլ ունէր, որ ըստ երեւոյթին հասարակ ուժ կը թուէր, բայց ըստ էութեան ամէն ինչը ա՛ն էր։ Ով ծանօթ է Ռոստոմին, նոյն երեւոյթը դիտած պիտի լինի։ Պիտի ըսեմ, որ Սարգիսը Ռոստոմ մըն էր, գուցէ աւելի տուեալներով ու ձիրքերով օժտուած։ Ան մեզ հասակակից ընկեր էր, նոյնքան պատրաստուած որքան մենք, քիչ մը աւելի¬ քիչ պակաս, բայց անոր մէջ կար անբացատրելի ուժ մը, որ կþազդէր բոլորիս վրայ, կþենթարկէր իրեն ոչ թէ ուժով, խօսքով կամ մտքով, այլ անանուն բանով մը, որը չեմ կրնար բացատրել։ Ան ներշնչող էր մեր համբերութեան, գործի ու խանդի, բայց այդ ներշնչումը կը կատարէր այնքան անզգալի կերպով, որ մենք ինքներս ալ չէինք կարող հասկնալ եւ կարծեմ Սարգիսը ինքն ալ չէր հասկնար։ Ան դարձած էր անհրաժեշտ տարր մը մեր մէջ, թէեւ անոր անհրաժեշտութիւնը անշօշափելի էր։
«Արամը Վանի կուռքն էր, անոր ուժի, կամքի մարմնացումը, բայց դարձած էր վանեցի միայն։ Իշխանը Լեռնապարի հերոսն էր, անոր դիւցազն ու երգերու նիւթը, բայց դարձած էր լեռնապարցի միայն։ Զիս կþանուանէին «Փաշա» եւ կþերգէին ըրած ու չըրած գործերս։ Հակառակ այս բոլորին՝ ըստ էութեան մենք նուաստ էինք, անփառք, անանուն՝ Սարգիսին մօտ։
«Գիտեմ որ Արամ եւ Իշխան համամիտ են ըսածիս իրենց գերեզմաններուն մէջ, որ Սարգիսը թէեւ իրենց զինուորն էր կռուի դաշտին մէջ, բայց այդ զինուորի ոգին էր կամք ու որոշում ձեւակերպողը, որ թէեւ ժողովներուն մէջ ասոր կամ անոր բանաձեւն էր անցնողը, բայց իրականին մէջ անբանաձեւ Սարգսի ծրագիրն էր գործադրուողը։ Վերջապէս Սարգիսն էր միջին օղակը, շաղկապողը տարամերժ ուժերու, ան թթխմորն էր յեղափոխական գործին, շաղախը յեղափոխական կառուցուածքին» («Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները», Ռուբէն, «Հայրենիք» Ամսագիր, 1928, թիւ 4)։
Աւազանի անունով Պօղոս Օտապաշեան, Վանայ Սարգիս ծնած էր 1875ին Գանձակի Գետաբեկ գիւղը։ Աւարտած էր Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը եւ 1898ին մեկնած էր Ժընեւ՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Արձանագրուած էր Ժընեւի համալսարանի պատմութեան ճիւղը, լայն մտապաշարի եւ հորիզոնի տէր ուսումնատենչ երիտասարդ մըն էր։ Բայց Երկրի հայութեան ազատագրական պայքարը հանգիստ չէր ձգեր արդէն Սարգիս Բարսեղեան անունով մամուլի էջերէն արտայայտուող յեղափոխական հայու անոր հոգին։ Միացած էր Դաշնակցութեան՝ ուսուցիչ ունենալով Քրիստափորին, որուն թելադրանքով ալ Սարգիս ուսումը կիսատ ձգեց եւ 1899ին վերադարձաւ Թիֆլիս։ Ուղարկուեցաւ Պաքու, որ յեղափոխական¬աշխատաւորական շարժումներու մեծ հնոց մը դարձած էր։
Սարգիս Բարսեղեանի յանձնարարուեցաւ կազմակերպումը Պաքուի հայ բանուորութեան, որ այնքան սուր կարիքը ունէր ազգային եւ ընկերային ազատագրումի իր կրկնակի պայքարները գաղափարական միեւնոյն հունին մէջ ներդաշնակող ու հունաւորող ուղղութեան։ Սարգիս Բարսեղեան շուտով դարձաւ կազմակերպական ու գաղափարական ոգին Պաքուի հայ աշխատաւորութեան՝ նաեւ յեղափոխական բովանդակութեամբ հայերէն գաղտնի գրականութիւն պատրաստելով:
Երբ Քրիստափոր եկաւ Պաքու՝ «Փոթորիկ»ի գործով, Սարգիս դարձաւ անոր գլխաւոր գործակիցներէն մէկը։ 1904ին, Շուշիի մէջ կազմակերպուած «Փոթորիկ»ի մէկ ձեռնարկին իր մասնակցութեան համար ձերբակալուեցաւ ցարական իշխանութեանց կողմէ, բայց բանտի ճամբուն վրայ ընկերները կրցան զինք փախցնել՝ յարձակելով պահակներուն վրայ։
Այդպէս ծայր առաւ ընդյատակեայ կեանքը Պօղոս Օտապաշեանի, որ ծանօթ պիտի դառնար այնուհետեւ Վանայ Սարգիս, Կոլոտ Սարգիս եւ Շամիլ ծածկանուններով:
Այնուհետեւ ամբողջ 15 տարի Սարգիս Բարսեղեան գնաց ու գործեց հոն, ուր հայ յեղափոխական պայքարը զինք կանչեց։ Մասնակցեցաւ1905ի հայ-թաթարական կռիւներուն: Այնուհետեւ՝ ուղարկուեցաւ Վան ու Վասպուրական՝ իբրեւ կուսակցական գործիչ։ Ամէնուր սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ ժողովուրդի լայն խաւին կողմէ։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան շրջանին հաստատուեցաւ Կարին, Ռոստոմի կողքին գործելու համար։ Իսկ 1914ի Օգոստոսին, Կարնոյ մէջ գու- մարուած Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին, Վանայ Սարգիս ընտրուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Բիւրոյի անդամ եւ իրեն վստահուեցաւ Պոլսոյ մէջ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։ Այդպէս ալ ճակատագիրը զինք դարձուց Մեծ Եղեռնի առա- ջին զոհերէն մէկը։
Իր յիշատակին նուիրուած յուշատետրի այս ամփոփ սիւնակը կþարժէ եզրափակել իր մէկ նամակով, որ 1914ի Օգոստոսին, Ընդհանուր Ժողովէն անմիջապէս ետք, ան գրած ու ղրկած Է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կ. Կոմիտէութեան եւ որ կը յատկանշուի մարգարէական իր կանխատեսութեամբ.
«1914, 18 Օգոստոս
«Ընկերներ:
«Ընդհանուր Ժողովը յաջողութեամբ իր աշխատանքները վերջացրեց, եւ ընկերների մէկ մասը վերադարձաւ իր տեղը։ Թէպէտեւ Ընդհանուր Ժողովը զուգադիպեց համաեւրոպական պատերազմին, բայց եւ այնպէս այդ բանը արգելք չհանդիսացաւ աշխատանքի կանոնաւորութեան։ Ժողովի կարեւոր որոշումներից մէկը այն է, որ այսուհետեւ Թուրքիայում միայն մի Բիւրօ պէտք է լինի եւ այն էլ Երկրի Բիւրոն։ Ուրեմն, ծանրութեան կենտրոնը փոխադրուեց Երկիր։
«Օսմանեան կառավարութիւնը ամենայն թափով պատերազմի պատրաստութիւններ է տեսնում. 21ից մինչեւ 45 տարեկանը զէնքի տակ է հրաւիրում։ Մեզ թւում է, թէ 31¬45 (քրիստոնեաներին) չեն տանելու. այս բոլոր նեղութիւնները տալիս են, որքան կարելի է շատ բեդել առնելու նպատակով։ Սամսոնից վերջին օրերս նամակ առինք, որ 27 եւ 41 տարեկան անվարժ զինուորներին, որոնց մէջ եւ հայերին, արձակեցին։ Ժողովուրդը շատ մեծ տագնապի մէջ է, մասնաւորապէս տնտեսական տեսակէտից։
«Կառավարութիւնը իրեն պէտք եղած ամէն բան գրաւում է ժողովուրդից, եւ այդ բանը չափազանց ծանր կերպով է ազդում ժողովրդի վրայ։
«Կառավարութիւնը բացարձակապէս գերմանական քաղաքականութեան է հետեւում, այնպէս որ Պոլսում աւելի շուտ գերմանացիք են թագաւորում։ Ոչ մի կասկած չկայ, որ թէ՛ օսմանեան եւ թէ հայերի շահերը պահանջում են կառավարութեան ամենախիստ չէզոքութիւնը ներկայ համաեւրոպական պատերազմի ընթացքում։ Դժբախտաբար, մեր ղեկավար շրջանները (թուրք) այդպէս չեն մտածում։ Նոքա կարծում են, թէ Թուրքիոյ փրկութիւնը ռուսական կառավարութեան թուլութեան կամ փչացման մէջ է կայանում, հետեւապէս պարագաներէն պիտի օգտուել եւ արշաւել ֆրանս¬գերմանական անյաջողութեան դէպքում Կովկաս։ Իրենց ասելով՝ նպատակ չունեն Կովկասին տիրապետելու, այլ օտոնոմ մի բան ստեղծելու, որպէսզի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատնէշ լինի։ Քանի որ ֆրանսական անյաջողութիւնը սկսուել է, ենթադրում ենք 5-7 օրից Թուրքիան էլ տեսնել ընդհանուր պատերազմի մէջ։ Մինչեւ որ դահլիճի փոփոխութիւններ չլինեն, պատերազմը անխուսափելի է։
«Հիմքեր ունենք կարծելու, որ պատերազմի ընթացքում հայերի հետ վատ են վարուելու։ Արդէն տնտեսական հարուածներ շարունակ հասցնում են։ Ամասիա, Թոքատ շուկաների վառելուց յետոյ, երեւի լսեցիք եւ Դիարբեքիրինը։ Չթողուցին, որ լրագրի մէջ գրենք։ Մի քանի օր առաջ, Էտիրնէն էլ նոյն բախտին արժանացաւ։ Վնասուեց յունաց եւ հայոց մի թաղ՝ 1500¬2000 տուն, որից 200ը՝ հայ։
«Ենթադրում ենք, որ այդ բոլորի մէջ կայ մի գաղտնի ձեռք, որ գործում է սիստեմատիկօրէն։ Ապրում ենք նշանաւոր եւ ծանր օրերում։ Ինչ կասկած, որ Ձեր շրջանի հայերի եւ ընկերների տրամադրութիւնը պիտի լինի բարձր. աւելի սոսկալի օրերի հայերը ականատես են եղել, եւ նման օրերը մեզ չպիտի յուսահատեցնեն։
«Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ...»։
Նազարէթ Պէրպէրեան