Տեղի ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը

03 de enero de 2015

sepelio-vahan-cancillerՆախագահ Սարգսեանի եւ այլ պետական պաշտօնատարներու ներկայութեամբ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ երէկ` Երեւանի Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ այսօր, ժամը 11:00-13:00-ին, Կոմիտասի անուան  երաժշտութեան տան մէջ, յուղարկաւորութիւնը` կէսօրէ ետք, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:

Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, որոնք ցաւակցեցան հանգուցեալին հարազատներուն, յարգանքի տուրք մատուցեցին Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին:

Օհանեան. «Յովհաննիսեան մերն որ օրեայ պատմութիւնը կերտողներէն էր»

Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  Վահան Յովհաննիսեանը բնութագրեց իբրեւ մեր նորօրեայ պատմութիւնը կերտողներէն մէկը, որմէ պէտք է օրինակ առնէ այսօրուան սերունդը, մարդ, որ իր կեանքը ներդրած է հայ ազգին զարգացումը ապահովելու համար:

«Վահան Յովհաննիսեան իր պայքարը մղած է ոչ միայն գաղափարական, այլեւ մարտական դաշտին մէջ: Ինք եւ իր ընկերները մարտնչած են ե՛ւ ղարաբաղեան հատուածին մէջ, ե՛ւ Հայաստանի սահմանամերձ վայրերու պաշտպանութեան ժամանակ: Վահան Յովհաննիսեանի կերպարը մեր մատաղ սերունդին համար օրինակ է` իբրեւ  զարգացած, արհեստավարժ անձնաւորութիւն», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը:


taghoum-01112Նալբանդեան: «Վահանը մեր կողքին է, ողջ»

Վահան Յովհաննիսեան մեծ հայրենասէր էր, քաղաքական, պետական գործիչ, մտաւորական, մարտիկ, նաեւ նուիրուած իր ընտանիքին, լաւ ամուսին, սիրող որդի եւ զաւակ: Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ քաղաքական գործիչին հոգեհանգիստին ընթացքին լրագրողներուն հետ զրոյցին Վահան Յովհաննիսեանը այսպէս բնութագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
«Ցաւօք, Վահանը կարճ ժամանակով դեսպան եղաւ, մեծ ծրագիրներ ունէր, մեծ եռանդ ունէր, ան նաեւ մեծ դեր ունեցած է արտաքին քաղաքականութեան մէջ` ներկայացնելով Հայաստանը տարբեր խորհրդարանական վեհաժողովներու մէջ, ղեկավարելով հայկական պատգամաւորական պատուիրակութիւններ: Ան վառ անձնաւորութիւն էր: Դժուար է պատկերացնել, որ Վահանը այլեւս մեր կողքին չէ: Անոնք, որոնք  ճանչցած եւ հաղորդակցած են Վահանին հետ, գիտեն եւ այդպէս ալ կը պատկերացնեն, որ Վահանը  մեր կողքին է, ողջ», ըսաւ Նալբանդեան:

Էդուարդ Նալբանդեան պատմեց, որ նախորդ տարի յուլիսին ինք Պերլինի հիւանդանոցին մէջ  այցելած է Վահանին, որ հակառակ իր ծանր վիճակին, լաւատեսօրէն տրամադրուած էր. «Վերջին անգամ յուլիսին Պերլինի հիւանդանոցին մէջ այցելեցի Վահանին, տակաւին յոյսեր կային, որ կ՛ապաքինի, բայց հետաքրքրական է, որ Վահանը իսկապէս մեծ եռանդով կը խօսէր իր ապագայ  ծրագիրներուն մասին: Ցաւօք, Վահանը առիթ չունեցաւ զանոնք իրագործելու»:

Աբրահամեան. «Վահան Յովհաննիսեան ամանորին կ՛ուզէր Հայաստան գալ»

Վահան Յովհաննիսեան լաւ ընկեր էր, նաեւ ճամբու լաւ ընկեր, մեծ հայ, որ քաղաքականութեան մէջ երբեք չէ անտեսած  մարդկային յարաբերութիւնները: Հոգեհանգիստի ժամանակ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

«Ես մեծ կորուստ ապրած եմ, որովհետեւ մենք նաեւ ջերմ անձնական յարաբերութիւններու մէջ էինք: Իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակ, իբրեւ գիտնական, ես մեծ ցաւ կ՛ապրիմ եւ մեծ կորուստ կը նկատեմ հայ ժողովուրդին համար», ըսաւ վարչապետը` նշելով, որ կուսակցական պատկանելիութիւնը իրենց ընկերութիւնը երբեք չէ խանգարած:

Վարչապետը նշեց, որ ինք Վահան Յովհաննիսեանի սուր ելոյթներէն երբեք չէ նեղուած, որովհետեւ «եթէ ճիշդ բան կ՛ըսես, անկախ անկէ` սուր է թէ ոչ, բոլորը պէտք է ընդունին եւ համակերպին»:

Վարչապետը յայտնեց որ վերջին անգամ Վահան Յովհաննիսեանի հետ խօսած էր մօտ 20 օր առաջ, ան հեռաձայնած էր Գերմանիայէն, ըսած, որ կարօտցած է բոլորը, կ՛ուզէ Ամանորին Երեւան գալ, բայց տկար է:

Հրանուշ Յակոբեան. «Ես չէի ուզեր Վահանը այդպէս տեսնել»

«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսելով Վահան Յովհաննիսեանի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը չկրցաւ զսպել արցունքները, ըսաւ, որ կորսնցուցինք ոչ միայն մեծ քաղաքական գործիչ մը, այլ նաեւ մեծ մտաւորական եւ մեծ մանկավարժ մը:

Առողջական ծանր վիճակին մէջ Վահան Յովհաննիսեանը վերջին անգամ տեսած Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց, որ չէր ուզեր Վահան Յովհաննիսեանը այդ տեսքով տեսնել, ինք Վահան Յովհաննիսեանին միշտ այլ տեսքով տեսած է:

Compartir: