Եռակողմ Հանդիպման Ընդառաջ Երեւանի Յստակացնելիք Կէտերը

28 de octubre de 2021

Մոսկուա-Երեւան-Պաքու առաջին դէմքերու մակարդակով եռակողմ հանդիպման մասին լրատուական շրջանառութիւնը առատ է: Գրեթէ զուգահեռաբար հայաստանեան եւ ռուսական լրատուադաշտերը կը կանխատեսեն այդ հանդիպումը նոյեմբերի առաջին տասնօրէին:

Կանխատեսուած թուականը ունի ուղերձ: Կը խօսուի նոյեմբեր 9-ի մասին, այլ խօսքով` ուղիղ մէկ տարի ետք հրադադարի յայտարարութեան: Հայաստանեան եւ ռուսական լրատուամիջոցներու տարածած կանխատեսումներուն մէջ կայ բովանդակային տարբերութիւն: Ռուսականը ընդհանրապէս բաւարարուած է եռակողմ հանդիպման կայացման բարձր հաւանականութիւնը շեշտելով, մինչ հայկականը աւելի կը մասնակիացնէ օրակարգը` նշելով սահմանազատման-սահմանագծման եւ ապաշրջափակման համաձայնագիրներու մասին:

Աւելի՛ն. կը յստակացուի նաեւ այն, որ սահմանագծում պիտի կատարուի հիմք ընդունելով 1920-ական թուականներուն Խորհրդային Միութեան պաշտպանական գերատեսչութեան գլխաւոր շտաբի քարտէսները, իսկ երկրորդ փաստաթուղթը կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, մասնաւորապէս ճանապարհ-միջանցքներու, այդ շարքին` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան հաստատման մանրամասնութիւններուն:

Երկու յայտարարութիւն` առաջինը նախագահ Փութինի եւ երկրորդը` Ալիեւի կողմէ կը կապուին այս կանխատեսումներուն հետ: Փութինը յստակ ակնարկութիւն կատարեց 1920-ականներու քարտէսներուն, մինչ Ալիեւը խօսեցաւ միջանցքի շուրջ կայացած համաձայնութեան:

Որքան ալ պաշտօնական Երեւանը հերքէ պայմանաւորուածութիւններու գոյութիւնը, այդուհանդերձ պարզ է, որ հայկական կողմին փոխարէն բանակցողը Մոսկուան է, եւ որքան ալ Պաքուն երեւնայ իբրեւ բանակցող կողմ, այնուամենայնիւ նոյնքան պարզ է, որ տեսանելի է Անգարայի ստուերը:

9 նոյեմբերին ենթադրաբար կայանալիք հանդիպումը ըստ էութեան նախ պէտք է գնահատական տայ տարի մը առաջ կայացած պայմանաւորուածութեան կէտերու իրականացման ընթացքին մասին:

Այսպէ՛ս. եթէ նկատենք, որ 7-րդ եւ 8-րդ կէտերուն կատարման համար որեւէ քայլ չէ առնուած Պաքուի կողմէ, ապա խիստ հարցական կը դառնայ ապաշրջափակման մեծ օրակարգին անցնիլը:

7-րդ կէտը կը խօսի ներքին տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով Գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ, անոնց Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ վերադարձի մասին:

Իսկ 8-րդ կէտը` ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու ու մահացածներու մարմիններու փոխանակման:

Հայկական կողմը պարտի ապաշրջափակումը պայմանականացնել միայն 7-րդ եւ 8-րդ կէտերու իրականացումով:

Իրաւամբ կը նշուի, որ եթէ սահմանագծումը պիտի իրականանայ 1920-ականներու քարտէսներուն հիմամբ, ապա պէտք է նկատի առնուի, որ այդ քարտէսները ցամաքային կապ վերապահած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ:

Բայց նախքան այդ, անհրաժեշտ է, որ հայկական կողմը արծարծէ հետեւեալ կէտերը`

ա) Մեկնարկել գործընթաց` հայ գաղթականներու տունդարձի,

բ) Հայրենադարձնել ռազմագերիները, պատանդները, պահուող անձերն ու մահացածներու աճիւնները,

գ) Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 7-րդ եւ 8-րդ կէտերու կատարումէն ետք միայն անցնիլ մեծ օրակարգին` տարածաշրջանային ապաշրջափակման, բացառելով որեւէ միջանցք տրամադրելու գաղափարը:

դ) Սահմանագծում-սահմանազատումը 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ չէ նշուած: Միջազգային իրաւաչափութիւններ ենթադրող այս գործընթացը կը մեկնարկէ, երբ կը կայանայ խաղաղութեան համաձայնագիրը, իսկ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման իրաւասութիւնը վերապահուած է ԵԱՀԿ-ին:

Պարզ է, որ հակամարտութեան հանգուցալուծումէն առաջ սահմանագծում-սահմանազատում իրականացնելը չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Իսկ Պաքուէն եւ Անգարայէն հնչած յայտարարութիւնները, թէ` Արցախի հարցը անցեալ է, ճիշդ հայկական առաջադրանքներու չէզոքացում կը հետապնդեն: Առանց ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի վերագործարկման անցնիլ սահմանագծումին, ատով իսկ Արցախի կարգավիճակի հարցը վերջնականապէս յստակացնել իբրեւ Ազրպէյճանի մաս կազմող տարածք:

Երեւանը պարտաւոր է կառչիլ 7-րդ եւ 8-րդ կէտերուն եւ մինչեւ 9-րդ կէտին անցնիլը իր դիւանագիտութիւնը լիարժէք բանեցնել ի նպաստ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի վերականգնման:

aztagdaily.com