Ռուբէն Վարդանեանի Փաստաբանները Ազրպէյճանի Դատարան Հայցեր Ներկայացուցած Են
Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանները ազրպէյճանական դատարան հայցեր ներկայացուցած են` պնդելով, որ ան Պաքուի բանտին մէջ չարչարանքներու ենթարկուած է եւ զրկուած արագ դատաքննութեան իրաւունքէն:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ գործերէն մէկը կը վերաբերի 2024 թուականի ապրիլին անոր հացադուլի ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարարի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին:
Փաստաբաններուն կարծիքով, ազրպէյճանցի իրաւապահներու կողմէ Վարդանեանի նկատմամբ վերաբերմունքը կարելի է որակել իբրեւ խոշտանգում:
Այսպէս, ի պատասխան Վարդանեանի հացադուլին, զինք տեղափոխած են պատժախուց, ստիպած են երկար ոտքի կանգնիլ, արգիլած են լոգնալ եւ երկու օր ջուր չեն տուած:
Մէկ այլ հայցի մէջ Վարդանեանի փաստաբանները կը պնդեն, որ անոր արագ դատաքննութեան իրաւունքը խախտուած է անցեալ տարուընէ կալանքի տակ գտնուելուն պատճառով:
Իրաւաբանները նաեւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են ազատ արձակելու բոլոր հայ բանտարկեալները` մինչեւ նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 կլիմայական վեհաժողովի մեկնարկը: