ՀՅԴ-ի Անդամ Սարինէ Աբրահամեան Ընտրուեցաւ ԸԵՄՄ-ի Ընդհանուր Քարտուղար
Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (ԸԵՄՄ) նոր ընդհանուր քարտուղար ընտրեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ եւ ԸԵՄՄ-ի նախկին փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեանը: Աբրահամեան կը յաջորդէ Պրունօ Կոլսալվեսին, Փորթուգալի Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ, որ սոյն պաշտօնէն իր հրաժարականը ներկայացուցած էր Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուելէն ետք:
Սարինէ Աբրահամեան երկար տարիներ ԸԵՄՄ-ի մէջ գործունեայ անդամ եղած է, եւ 2021 թուականին ընտրուած է ԸԵՄՄ-ի փոխնախագահ եւ Սեւծովեան շրջանի համակարգող: ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ համագործակցելով, ան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ, ներառեալ ԸԵՄՄ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ, որոնց արդիւնքը եղաւ 2015 թուականին Երեւանի մէջ ԸԵՄՄ-ի Համաշխարհային խորհուրդի նիստին ընդունուած բանաձեւը:
2017 թուականին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ միասին, Աբրահամեանի աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ ճանաչողական այցելութիւն մը դէպի Արցախ, որ կը ներգրաւէր ԸԵՄՄ-ի եւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու միութիւններու ղեկավարներն ու անդամները: ԸԵՄՄ-ի մէջ աշխատանքի ընթացքին, ան եղաւ շարժիչ ուժը բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղուած էին Արցախի միջազգային ճանաչման եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, ինչպէս նաեւ ԸԵՄՄ-ի կողմէ Ազրպէյճանի յարձակողականութեան դատապարտման: Աբրահամեանի ջանքերուն շնորհիւ, ԸԵՄՄ մշտապէս աջակցած է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու իրացման, ներառեալ անոնց հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, եւ դատապարտած է Ազրպէյճանի ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը: Այս դիրքորոշումները արտայայտուած են շարք մը բանաձեւերով եւ պաշտօնական յայտարարութիւններով:
Բացի նշուածներէն, Աբրահամեան աշխատած է ընդգծել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական մարտահրաւէրները, որոնցմէ են ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ բռնաճնշումները եւ ոստիկանութեան կիրարկած անհամաչափ ուժը Հայաստանի իշխող կառավարութեան կողմէ: Անոր գործունէութիւնը կը տարածուի Հայաստանի սահմաններէն անդին` պաշտպանելով ընկերվարական-ժողովրդավարական, ընկերային արդարութեան գաղափարները, եւ արծարծել կլիմայի փոփոխութիւնները միջազգային եւ շրջանային զոյգ մակարդակներու վրայ: Ան կը շարունակէ պաշտպանել ԸԵՄՄ-ի հիմնական արժէքներն ու սկզբունքները, ինչպիսիք են` արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, ազատութիւնն ու միջազգային համերաշխութիւնը:
Սարինէ Աբրահամեան նաեւ եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու եւ ներկայիս կը պաշտօնավարէ իբրեւ Հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին մէջ: