Յարութիւն Մարութեանը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի տնօրէն ընտրուած է
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդը Սեպտեմբեր 14ին փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ թանգարանի տնօրէն ընտրեց ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը, կը հաղորդէ “Թերթ” կայքը:
Չորս թեկնածուներէն Հայկ Դեմոյեանին կողմ քուէարկած է 2 հոգի, իսկ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեանին` 11 հոգի: Մնացած թեկնածուները 2ին՝ Արմէն Ասրեանն ու Ստեփան Ստեփանեանցը ընդհանրապէս քուէ չեն ստացած:
Նորընտիր տնօրէնը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ թանգարան-հիմնարկին մէջ ընելիքները շատ են: «Բայց Ատիկա պէտք է ընել համագործակցելով` ե՛ւ անձնակազմին, ե՛ւ նախկին ղեկավարութեան, ե՛ւ գործընկերներուն հետ»,-ըսած է ան: