Ալիեւ Հայաստանը «Նախազգուշացուցած» Է Վերջ Տալու «Վտանգաւոր Խաղերուն»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան տարածքներ այցելութեան ընթացքին դիմած է Հայաստանին` «նախազգուշացնելով վերջ տալու վտանգաւոր խաղերուն»:
«Մէկ կողմէ կը խօսին խաղաղութեան մասին, կը ստեն, միւս կողմէ` լայնածաւալ սպառազինութիւն ձեռք կը բերեն: Որո՞նք անոնց զէնք կու տան. Ֆրանսան եւ հակաազրպէյճանական երկիրներ… Այսօր անոնք պէտք է հանգիստ ձգեն Հարաւային Կովկասը, յանձնուին, երթան եւ զբաղին իրենց գործերով, խնդիրներով… Ասիկա իմ նախազգուշացումս է», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ալիեւի պնդումով` «Հայաստան միացած է վտանգաւոր խաղերու եւ պէտք չէ մոռնայ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի պատմութիւնը»: