ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

29 de marzo de 2024

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեանն ու իր վարչակազմը անգամ մը եւս ցնցած են Հայաստանն ու հայոց աշխարհը` բացայայտելով իրենց հերթական միակողմանի զիջումներու պատրաստակամութիւնը: Այս անգամ կարգը Տաւուշի մարզինն է: Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութեան վարած ազգակործան քաղաքականութեան հետեւանքով թշնամիին կը յանձնուին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, ինչ որ պիտի յառաջացնէ ապահովական լրջագոյն սպառնալիքներ:

Արցախի յանձնումը միայն սկիզբ էր: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ամէն կերպ մոռացութեան կը մատնէ Արցախն ու Արցախի հարցը: Արցախի իրաւունքներու բարձրացման եւ հետապնդման բացառիկ լիազօրութիւն ունին Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պետական մարմինները: Այդ մարմինները վարկաբեկելը եւ անոնց գործունէութիւնը խոչընդոտելը կը նշանակեն հրաժարիլ այդ իրաւունքներէն:

Արցախի կարգավիճակի եւ արցախահայերու հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը հայութեան օրակարգին վրայ են, եւ մինչեւ  այդ հարցերը չլուծուին` արժանապատիւ եւ իրական խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին բազմիցս զգուշացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թշնամիներէն եկող վտանգներու եւ սպառնալիքներու մասին, որոնց առջեւ գիտակցաբար եւ համոզումով տեղի կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը:

Անհրաժեշտ է վերջ դնել ազգային արժէքներու եւ կառոյցներու դէմ պայքարելու քաղաքականութեան եւ կեդրոնանալ հայոց բանակի մարտունակութեան բարձրացման ու հզօրացման վրայ:

Համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր առողջ, ազգային ուժերու համախմբումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է: Օրակարգը մէկ է` հայկական պետականութեան փրկութիւնը:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

28 մարտ 2024