ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

30 de mayo de 2024

 

Վերջին օրերուն, ոստիկանութեան զանազան միաւորներու դրսեւորած աննախընթացօրէն լկտի պահուածքը, ապօրինութիւններն ու բռնութիւնները ուղղակիօրէն կը վկայեն պետական մակարդակով գործադրուող ահաբեկչութեան մասին։ Աներկբայ է, որ Հայաստանի մէջ ոտնակոխուած են ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները։

Նախօրեակին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին եւ խումբ մը դաշնակցականներու, ներառեալ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի վրայ կատարուած յարձակումէն, սադրիչ ու խուլիգանական արարքներէն ետք, երէկ ականատես եղանք ոստիկաններու անօրինակ եւ խայտառակ վարքագիծի նոր դրսեւորումին։

Հանրապետութեան օրուան առիթով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Մայր աթոռի միաբաններու Սարդարապատի յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր վարչակարգի անվտանգութեան անձնակազմին ու ոստիկանութեան յարուցած արգելքները եւ նողկալի պահուածքով ընկերացող միջադէպը մեծագոյն վիրաւորանքն են ոչ միայն վեհափառին եւ Եկեղեցւոյ, այլ նաեւ ամբողջ հաւատացեալ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

Խուլիգանական բնոյթի ոստիկանական ապօրինութիւնները չեն կրնար հակազդեցութեան չարժանանալ եւ անհետեւանք մնալ։ Խիստ կարեւոր է հանրային յստակ եւ հրապարակային վերաբերմունքը այս անպատկառ վարքագծին նկատմամբ։ Այս խայտառակ բեմականացման բոլոր դերակատարները պէտք է գիտակցին, որ ոչ մէկ ապօրինութիւն անպատիժ պիտի մնայ եւ բոլոր մեղաւորները, ըստ օրէնքի, պիտի ենթարկուին խիստ պատասխանատուութեան։

Կոչ կ՛ուղղենք համայն հայութեան՝ շարունակելու պայքարը հայրենիք, պատիւ եւ սրբութիւն չունեցող այս աղէտաբեր վարչախումբին դէմ։

Ազատ, անկախ, հզօր եւ ժողովրդավար պետութիւն ունենալու մեր հաւաքական ձգտումը անկասելի է։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
29 Մայիս 2024