ՀՅԴ 134-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն՝ Լիբանանի մէջ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի արտասանած խօսքը՝ ՀՅԴ 134-ամեակի հանդիսութեան.
Ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը կը յատկանշուի համաշխարհային եւ տարածաշրջանային ուժերու միջեւ աճող լարուածութեամբ եւ թշնամական յարաբերութիւններով: Մարդկային իրաւունքի ոտնակոխում, ռազմական եւ ցեղասպանական գործողութիւններ, տեղահանութիւններ տեղի կ՚ունենան միջազգային ընտանիքին մեղսակցութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իշխող ուժի վարած սխալ ու արկածախնդիր արտաքին քաղաքականութեան պատճառով յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութեան մը մէջ, եւ գէրտերութիւններու հակադրութեան կիզակէտին է:
Այս համապատկերին մէջ հայ ժողովուրդը կ՚արձանագրէ իր պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերէն մին:
Արցախի յանձնումէն ետք, 2025 թուականին Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց իր ապազգային, յանձնուողական քաղաքականութիւնը՝ սպասարկելով թուրք-ազրպէյճանական շահերուն։
Հակառակ կատարուած բոլոր զիջումներուն, որոնցմէ վերջինը քանի մը օր առաջ Ցեղասպանութեան ուրացումն էր, Փաշինեանի խոստացած «խաղաղութիւնը» չկայ ու պիտի չըլլայ: Իսկ այն, ինչ որ կը պատրաստուի, «խաղաղութիւն» չէ, այլ՝ «Հայաստանի լիակատար անձնատուութիւն»:
Բոլորին ծանօթ են այն հակադիր սկզբունքային համոզումները, որոնք կը բնորոշեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Հայաստանի իշխանութիւնը։ Այստեղ անոնք մէկ առ մէկ մանրամասնելը ժամանակի կորուստ եւ միեւնոյն ժամանակ շռայլութիւն պիտի ըլլար իշխանութեան հասցէին։
Մեր համոզումները ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ պարագայի համընկնեցան, եւ համընկնելու ո՛չ մէկ հաւանականութիւն կայ։
ՀՅԴ-ի համար խաղաղութիւնը չ՚ենթադրեր ինքնութեան ուրացում։ Խաղաղութիւնը չ՚ենթադրեր ոչնչացում եւ ինքնասպանութիւն։ Այո՛, խաղաղութեան այլընտրանք չկայ, բայց խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ խաղաղութիւն։ Չկայ յաղթանակ, չկայ խաղաղութիւն:
Արձանագրենք, որ հայ ժողովուրդը կանգնած է խնդիրներու առջեւ, որոնց զգալի մասը ենթակայ է լուծումի՝առաւելապէս պետական եւ ռազմական միջոցներու, պաշտօնական դիւանագիտութեան ճամբով:
Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ՝ հզօր, ազգային, ընկերային արդարութիւն վայելող պետութեան կերտումն է միակ գրաւականը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական կարողութիւնները ի գործ պիտի դնէ՝ հիմնելու իր պատկերացումներուն համահունչ պետութիւն: Որպէս անկախ եւ բացառապէս հայկական շահեր հետապնդող կազմակերպութիւն, պիտի լարենք մեր ուժերը՝ ժողովրդային ամուր յենարանով հասնելու այս նպատակին:
Հայկական իրականութեան մէջ ոչ մէկ ուժ աւելի լաւ կը ճանչնայ հայութիւնը բնաջնջելու թուրքին երազը, տարածաշրջանին մէջ մեր ազգի գոյատեւումը ապահովելու միակ ելքը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքական փորձն են:
Հզօր ազգային պետութեան մեր պատկերացումը ունի հետեւեալ կարեւորագոյն բաղադրիչները։
Առաջին՝ արտաքին քաղաքականութիւն
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պետական շահը, հայկական օրակարգը:
Հայատանը կը գտնուի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր հետեւեալ երեք պետութիւնները, երկարաժամկէտ առումով, ունին որոշիչ դերակատարութիւն՝ Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան. վերջինիս նպատակն է բնաջնջել հայոց պետականութիւնը: Հետեւաբար ճիշդ արտաքին քաղաքականութեան հրամայականն է աշխատիլ այնպէս, որ Ռուսիան եւ Իրանը հայանպաստ դիրքորոշում ունենան՝ առանց զոհելու մեր պետութեան ինքնիշխանութիւնը ոեւէ երկրի եւ առանց վտանգելու մեր յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ:
Երկրորդ՝ ներքին
Ազգը պէտք է թօթափէ իր կաթուածը եւ դուրս գայ պատերազմի յաւերժական վախէն, պէտք է շարունակել աշխատանքը՝ սթափեցնելու մեր ժողովուրդը, վանելու անտարբերութիւնը, յուսալքութիւնը եւ յարմարուղականութիւնը: Ժողովուրդը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տարիներուն: Իսկական փրկութիւնը պիտի չգայ այլ պետութիւններէն, այլ՝ մեր ժողովուրդէն:
Ներկայիս դժբախտաբար հայութեան թշնամիները կրցած են լրջօրէն պառակտել հայութիւնը: Հայ քաղաքական, եկեղեցական, միութենական, հաւաքական կամ անհատ ուժերը, մէկդի ձգելով հատուածական շահերը եւ վնասակար զգուշաւորութիւնը, պէտք է միանան եւ համարձակութեամբ գործեն՝ յանուն փրկութեան եւ ազգային, ուժեղ իշխանութեան մը կազմաւորման:
2024 թուականին մեկնարկած «Սրբազան պայքար» շարժումը փաստեց, որ հայ ազգի մէջ կայ կորիզ մը, որ չէ յարմարած իր ինքնաոչնչացման գաղափարին: Պէտք է հետեւողական կազմակերպուած աշխատանք տանիլ՝ ընդլայնելու այս շրջանակը:
Ինչ կը վերաբերի Արցախի եւ արցահայութեան մարտահրաւէրներուն, ներկայիս հայկական իրականութեան մէջ յանուն Արցախի պայքարող ուժերու թիւը կը թուի նօսրացած ըլլալ։ Ամօ՛թ բոլոր անոնց, որոնք յուսալքուած կամ յանձնուած են թշնամիին: Կը յայտարարենք, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չհաշտուի կատարուած իրականութեան հետ, Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցը պիտի պահէ հայկական օրակարգի վրայ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու եւ պիտի խանգարէ հաշիւներն ու հանգիստը բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ յաջողեցան փակել Արցախի էջը:
Մեր ուշադրութեան կիզակէտին են հետեւեալ հարցերը.
1.- Գերիներու ազատագրում
Պաքուի բռնապետական վարչակազմի խամաճիկ դատական համակարգին կողմէ արդարացի լուծում սպասելը ցնորք է։ Այս ուղղութեամբ Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով Ազրպէյճանի վրայ միջազգային քաղաքական, քարոզչական ճնշում կը բանեցնենք։ Կը նեղացնենք Ալիեւը, եւ ան դժգոհելով՝ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն կը յայտարարէ, թէ Դաշնակցութեան լոպիինկին պատճառով Եւրոխորհրդարանը աւելի խիստ դիրքորոշում ունի Ազրպէյճանի նկատմամբ, քան՝ Հայաստանի խորհրդարանը:
2.- Արցախահայութեան օժանդակութիւնը
Արցախահայերուն բազմաբնոյթ օժանդակութեան տրամադրումը, անոնց արժանապատիւ կեցութեան ապահովումը Հայաստանի տարածքին եւս առաջնահերթութիւն է։ Կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է կանխենք արցախցիներու արտագաղթը Հայաստանէն։
3.- Արցախի պետական օղակներու գործունէութիւնը
Պիտի պաշտպանենք Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմերը եւ օժանդակենք, որ Արցախի պետական մարմինները շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Կը հաւատանք, որ Արցախի հարցը այժմէական պահելու նախադրեալը այդ կառոյցներու պահպանումն է։
4.- Վերադարձ դէպի Արցախ
Արցախ վերադարձի իրաւունքը մնայուն կերպով վառ կը պահենք եւ համապատասխան աշխատանքներ կը տանինք այդ ուղղութեամբ: Մինչեւ ամբողջական ազատագրում՝ միջազգային յստակ երաշխիքներու կիրարկումով պէտք է վերականգնենք ազատ, ինքնիշխան ու ապահով կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւնը Արցախի մէջ։
Այս բոլորը իրագործելու համար հայութեան առջեւ կը ծառանան բազմաթիւ հարցեր: Իբրեւ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կուսակցութիւն՝ Դաշնակցութիւնն ալ դէմ յանդիման կը գտնուի զանազան մարտահրաւէրներու, որոնք պէտք է անյապաղ դառնան մեր աշխատանքներու խնդրոյ առարկան։
Իբրեւ հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ կը տարուի մոլեգին պայքար Հայաստանի իշխանութիւններու եւ այլեւայլ ուժերու կողմէ: Նպատակը մէկ է՝ տկարացնել կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ, հեռացնել համակիրները կուսակցութենէն, խախտել մեր ինքնավստահութիւնը: Կը յայտարարենք, թէ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ այս կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, այդ փորձերը դատապարտուած են կատարեալ ձախողութեան:
Քաղաքական առումով, հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն ստեղծած խոչընդոտներուն, սփիւռքի մէջ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով ու արհեստավարժ մօտեցումով:
Հետեւաբար մեր աշխատելաոճին մէջ յաւելեալ թափ պիտի տանք արդիականացման, պիտի աշխատինք հզօրացնելու մեր կազմակերպական ցանցը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի տարածքին: Պիտի պատրաստենք մարտունակ երիտասարդութիւն եւ նորարական ծրագիրներով պիտի համախմբենք երիտասարդութիւնը մեր նպատակներուն շուրջ:
Կուսակցութեան կարեւոր մարտահրաւէրներէն է քայլ պահել սփիւռքին հետ՝ իբրեւ ապրող եւ փոփոխուող մարմին։ Պիտի շարունակենք կազմակերպել սփիւռքը, պայքարիլ ներքին ախտերուն, լճացումին դէմ։ Ժամանակը կ՚անցնի, խնդիրները կը բարդանան, կը բազմանան՝ մղելով, որ մենք ալ մեր ուղեկից միութիւններուն հետ յանձն առնենք սփիւռքը յուզող խնդիրները, ինչպէս՝ լեզուն, կրթութիւնը եւ ընկերային հարցերը։
Միւս կողմէ՝ պարտինք ըստ արժանւոյն գնահատել սփիւռքեան մեր վիճակը։ Ի՞նչ են մեր գոյատեւումի գրաւականները։ Ի՞նչ յոյսեր ունի նոր սերունդը։ Ի՞նչ վիճակի է մեր մշակութային ենթահողը։ Հետեւաբար մենք եւ մեր կառոյցները ի՞նչ միջոցներու կը դիմենք՝ դիմակայելու այս մարտահրաւէրները։ Գիտելիքի, երիտասարդ մարդուժի եւ արհեստավարժ աշխատանքի նախապայմանները կը ստեղծե՞նք։
Սփիւռքը պէտք ունի նոր աւիշի մը՝ թարմացնելու իր ինքնութիւնը եւ իր հաւատքը նոյնինքն իր ապագային հանդէպ։ Նոր աւիշը կրնայ շրջագայիլ մեր արեան մէջ միմիայն վերանորոգելով մեր ուխտը առ մեր մշակոյթը, մեր դատը, մեր իրաւունքները եւ մեր ամբողջական հայրենիքը։
Սփիւռքը անհատական, ինչպէս նաեւ միութենական մակարդակի վրայ պէտք է անընդհատ եւ անդադար զարգացնէ իր օրկանական կապը Հայաստանի հետ։ Մերթ ընդ մերթ լսուող սփիւռքակեդրոն մօտեցումերը, սփիւռքը Հայաստանէն կամ Հայաստանը սփիւռքէն կտրելու բոլոր ջանքերը անընդունելի են։
Անդրադառնալով լիբանանահայութեան յատուկ պարագային, 2019-ի հոկտեմբերէն սկսեալ երկրի տագնապը կը շարունակուի զանազան դրսեւորումներով, որոնք, կը յուսանք, շուտով կ՛աւարտին: Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք այս դժուար պայմաններուն մէջ քաղաքական, բարեսիրական, ընկերային, կրթական եւ այլ մակարդակներու վրայ կը գործեն ամրապնդելու համար գաղութի անվտանգութիւնը, կրթական եւ այլ համայնքային հաստատութիւններու գործունէութիւնը, կարիքաւորներուն օժանդակութիւնը: Վա՛րձքը կատար դաշնակցական ընտանիքին, որ իր ակումբներով, գրասենեակներով եւ կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով (ՀՕՄ-ԼՕԽ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային), հակառակ բազում դժուարութիւններու, ոտքի կը մնայ եւ կը ծառայէ գաղութին: Լիբանանի գաղութը սփիւռքի բաբախող սիրտն է, եւ ներկայ այս դժնդակ պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք մեկնելը համազգային առաքելութիւն է:
Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, երբ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար իւրաքանչիւրէս կը սպասուի հաւատք, գիտելիք եւ հետեւողական աշխատանք։
Երկարաժամկէտ առումով, հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռակամութիւնն են, որոնք պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական կարելիութիւններ, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մնայուն յաղթանակներու:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, 134-ամեայ իր փորձառութեամբ, իր առաւելագոյնը ի սպաս պիտի դնէ համահայկական վերելքի նախապայմաններու ստեղծումին եւ իրագործման։
Յարատեւ կռուի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր։
31 յունուար 2025թ., Պէյրութ