«Հայաստանի Մէջ, Հաւանաբար, Լսած Են «Պատրաստ Ըլլալ Քանի Մը Ցուրտ Ձմեռներու» Խորհուրդը». Լաւրով

28 de enero de 2025

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իրենց հայ ընկերներուն բազմաթիւ անգամներ յայտնած են, որ ո՛չ Ուաշինկթըն, ո՛չ Պրիւքսէլ իրականութեան մէջ կը մտածեն իրենց գործընկերներուն ճակատագիրին եւ շահերուն մասին:

«Արեւմուտքի մէջ վարժ են զանոնք ընկալել բացառապէս գործնապաշտ ձեւով: Երեւան չէր կրնար ուշադրութիւն չդարձնել անցեալ տարեվերջին Վրաստանի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն: Հաւանաբար Հայաստանի մէջ լսած են նաեւ աղմկայարոյց շնական յայտարարութիւնները` եւրոպացիներու համար Երեւանը Մոսկուայէն «անջատելու» «նախագիծի ցած գինի»ն եւ հայ բնակչութեան «քանի մը ցուրտ ձմեռներու» պատրաստ ըլլալու խորհուրդներուն մասին: Ներառեալ՝ ամերիկեան «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնի վերջին կանխատեսումը, կեդրոն մը, որ յայտնի է ամերիկեան հետախուզական գործակալութիւններու հետ սերտ կապերով: Այդ կանխատեսումը յստակօրէն կը նշէ, որ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք Ուաշինկթըն, դժուար թէ Հայաստանի նկատմամբ ունենայ նոյն բուռն հետաքրքրութիւնը: Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի հիմնական առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերը: Տնտեսական համագործակցութեան երկկող միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը անցաւ արդիւնաւէտ: Մենք բարձր գնահատած ենք ԵԱՏՄի մարմիններուն մէջ Հայաստանի նախագահութեան արդիւնքները 2024ին: Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի եւրասիական համարկման մասնակցութիւնը մեծապէս ապահոված է վերջին տարիներուն անոր համախառն ներքին արտադրութեան արագ աճը:

«Յոյսով ունինք, որ յառաջիկայ տարուան մէջ կը յաջողինք զգալի յառաջընթաց արձանագրել շարք մը կարեւոր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի մեծցնենք մշակութային, մարդասիրական եւ միջշրջանային փոխանակումներու ընթացքը», յայտնեց Լաւրով՝ աւելցնելով. «Մոսկուա միշտ արժեւորած է եւ կը շարունակէ գնահատել Երեւանի հետ եղբայրական յարաբերութիւնները: Մենք Հայաստանը կը նկատենք մեր կարեւոր ռազմավարական գործընկերներէն եւ դաշնակիցներէն մէկը: Մենք հաւատարիմ ենք երկկողմ մակարդակով եւ ընդհանուր համարկման ընկերակցութիւններու ծիրին մէջ ձեւաւորուած առեւտրական-տնտեսական եւ ռազմաքաղաքական ոլորտներուն մէջ Հայաստանի հետ կնքուած համաձայնագիրներու ամբողջ ծիրին: Նոյն ատեն, Ռուսիա չունի գաղտնի օրակարգ կամ «նախագիծեր», որոնց իրականացումը վնասակար ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի ապահովութեան կամ տնտեսական բարեկեցութեան վրայ»։

Ըստ Լաւրովի՝ եւրասիական տնտեսական համարկումը եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը անհամատեղելի են:

«Հաշուարկները տակաւին աւարտած չեն, սակայն արդէն կարելի է ըսել, որ 2024ի ապրանքներու շրջանառութիւնը բացարձակ մրցանիշ հաստատած է: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու (որոնք կոչ կ՛ուղղեն Հայաստանին հրաժարելու ռուսական շուկայէն) միջեւ ապրանքներու շրջանառութեան ծաւալը շատ աւելի փոքր է եւ անկում կ՛ապրի: Ռուսիա կը շարունակէ Հայաստանի հիմնական առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերը մնալ»:

Ասոր զուգահեռ, «ՌԻԱ Նովոստի»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ԱՊՀի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լերետեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի համար դժուար պիտի ըլլայ առանց ԵԱՏՄի եւ ԱՊՀի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան։

«Իրականութիւնը այս է. Հայաստանի համար դժուար պիտի ըլլայ առանց ԱՊՀ երկիրներու, առանց ԵԱՏՄի, առանց ԱՊՀի շրջանակին մէջ համագործակցութեան: Իսկ ինչո՞ւ այս անպէտք բարդութիւնները եւ դժուարութիւնները հայ ժողովուրդին համար: ԱՊՀ երկիրները եւ Պելոռուսը, որքան գիտեմ, պատրաստ են օգնելու Հայաստանին՝ պահպանել այդ փոխգործակցութիւնը», յայտնեց Լեպետեւ:

Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Հայաստան պիտի վերադառնայ ԱՊՀ շրջանակին մէջ լիարժէք համագործակցութեան:

Խօսելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին վերջերս ստորագրուած փաստաթուղթին եւ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Երեւանի ծրագիրներուն մասին` Լերետեւ ըսաւ, որ բազմաթիւ փաստաթուղթեր կը ստորագրուին, բայց յետոյ կեանքի չեն կոչուիր։