Մօր Ձեռքերը, ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Այս ձեռքերը` մօ՜ր ձեռքերը,
Հինաւուրց ու նո՜ր ձեռքերը…
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Պսակուելիս ո՜նց են պարել այս ձեռքերը`
Ի՜նչ նազանքով,
Երազանքո՜վ:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Լոյսը մինչեւ լոյս չեն մարել այս ձեռքերը,
Առաջնեկն է երբ որ ծնուել,
Նրա արդար կաթով սնուել:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Զրկանք կրել, հոգս են տարել այս ձեռքերը
Ծով լռութեա՜մբ,
Համբերութեա՜մբ:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Երկինք պարզուած սիւն են դառել այս ձեռքերը,
Որ չփլուի իր տան սիւնը`
Որդին կռուից դառնայ տունը:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Մինչեւ տատի ձեռք են դառել այս ձեռքերը,
Այս ձեռքերը` ուժը հատած,
Բայց թորան հետ նոր ուժ գտած…
Քար են շրջել, սար են շարժել այս ձեռքերը…
Ինչե՜ր, ինչե՜ր, ինչե՜ր չարժեն այս ձեռքերը`
Նո՜ւրբ ձեռքերը,
Սո՜ւրբ ձեռքերը:
… Եկէք այսօր մենք համբուրենք որդիաբար
Մեզ աշխարհում ծնած, սնած,
Մեզ աշխարհում շահած, պահած,
Մեզնից երբեք չկշտացած,
Փոշի սրբող, լուացք անող,
Անվերջ դատող, անվերջ բանող
ա՛յս ձեռքերը,
Թող որ ճաքած ու կոշտացած,
Բայց մեզ համար մետաքսի պէս
խա՜ս ձեռքերը…
———————
Պարոյր Սեւակ
Պարոյր Սեւակի գրականութիւնը հայ ժողովուրդի հոգիէն բխած զանգահարումն է, ձեւակերպուած իր հմուտ եւ գիտակից մէկ զաւկին կողմէ: Հայոց աշխարհի ընդերքէն բխած ծայն մըն է` ցնցող, բայց հոգեթով:
Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններուն քով եթէ դնենք իր գրական քննադատութիւններն ու պատմական վերլուծումները, գերազանցապէս մտքի մարդը կ՛արձանանայ մեր դիմաց: Այս ելակէտէն եթէ քննութեան առնենք Սեւակի բանաստեղծութիւնները, պիտի համոզուինք, որ մտքի ճառագայթումը սրտի բաբախումներուն հետ համընթաց կը զարգանայ: Մտքի տիրապետութիւնը մեզ խորունկ մտածումներու կը մղէ, իսկ զգացական զարկերակի երաժշտական բաբախումները կը գեղազարդեն մտածողական աշխարհը:
Հայաստանի այս տաղանդաւոր բանաստեղծը առաջին օրէն ուշագրաւ դարձաւ եւ եղաւ միշտ վերելքի ճամբաներուն վրայ:
«Եղիցի լոյս»¬ը միշտ պիտի շլացնէ հայ ընթերցողները եւ բոլոր գիտակից մարդերը պիտի մղէ լոյսին յառել իրենց աչքերը եւ սպասել, որ շրջապատը լիովին լուսաւորուի:
Լոյսի եւ զանգահարումի այս մթնոլորտը Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները վերածած են հայկական լինելութեան եւ համամարդկային խորունկ ապրումի: Ինչպէս միտքը եւ զգացումը զօդուած են իրարու, նոյնպէս եւ ազգային ու համամարդկային ձգտումները արժանացած են անոր կառուցումներուն մէջ:
Ու արձանը լոյսով ողողուած է եւ ճառագայթները զանգահարում մը կը բերեն մեր լսողութեան:
Աչքն ու լսողութիւնը կապուած են մտքին եւ սրտին հետ:
Ու Պարոյր Սեւակ կը մնայ հայութեան մտքին մէկ Լուսակը եւ մշտահունչ Զանգակը:
Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ