Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Դէմ Մահափորձ

06 de octubre de 2024

 

Պէյրութի Հարաւային արուարձանները չորեքշաբթի ուշ գիշերին ենթարկուեցան բուռն ռմբակոծումի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ահաբեկած հարուածէն աւելի զօրաւոր էր: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի համաձայն, «շուրջ 73 թոն ռումբեր նետուեցան Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի կեդրոնին վրայ, ուր ենթադրաբար սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինը կը գտնուէր»:

Յիշեցնենք, որ սէյիտ Նասրալլայի ահաբեկման համար օգտագործուած ռումբերը 60 թոն էին:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեցին. «Հարաւային արուարձաններու ռմբակոծումը թիրախաւորեց Հըզպալլայի բարձրաստիճան ղեկավարներու ժողով մը, որուն նաեւ կը մասնակցէր Հաշեմ Սաֆիէտտինը»: Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Սաֆիէտտինի անունը յաճախ կը շրջանառուի իբրեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածու: Իսրայէլեան աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ ան գետնին ամէնէն խոր թաքստոցին մէջ էր: Հսկայական պայթումին ձայնը լսուեցաւ նոյնիսկ Մեծն Պէյրութէն դուրս:

«Ռոյթըրզ» երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը կ՛ըսէ. «Տակաւին կը գնահատենք երէկ գիշեր Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի տեղեկահաւաքի բաժանմունքին վրայ յարձակումին պատճառած վնասները»:

Իսրայէլեան օդուժը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց: Ըստ Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան, արձանագրուած է աւելի քան 20 իրերայաջորդ յարձակում, ինչ որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր մեծագոյնն է: Հարաւային արուարձանները մէկ գիշեր առաջ 17 յարձակումներու ենթարկուած էին:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առտուան մօտ յարձակում գործեց Լիբանանը Սուրիոյ կապող Մասնաա-Ժտէյտեթ Եապուս ճամբուն վրայ` դադրեցնելով երթեւեկը:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Մասնաայի անցակէտին իսրայէլեան ռմբակոծումը պատճառ դարձաւ, որ փակուի ճամբան, որ հարիւր հազարաւորներ անցնող օրերուն կ՛օգտագործէին Սուրիա գաղթելու համար»: ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնակատարութիւնը յայտնեց. «Կարգ մը անձեր Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գլխաւոր անցակէտէն քալելով փախուստ կու տան»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «Զինուորական հետախուզութեան ծառայութենէն ճշգրիտ հետախուզական ցուցմունքով օդուժի հալածիչները երէկ` հինգշաբթի յարձակում գործեցին Լիբանան-Սուրիա սահմանը անցնող եւ շուրջ 3,5 քիլոմեթր երկարութեամբ փապուղիի մը վրայ, որ Հըզպալլայի կողմէ կ՛օգտագործուէր մարտական միջոցներու տեղափոխման եւ գետնին տակ պահեստաւորման համար»:

Ատրահի մէկ օր առաջ պնդեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ Մասնաայի անցակէտը կ՛օգտագործէ` մարտական միջոցներ Լիբանան մտցնելու համար:

«Անցեալ հինգշաբթի Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ սահմանային մաքսանենգման կէտերու թիրախաւորումէն ետք, Մասնաայի սահմանային անցակէտը դարձաւ այն գլխաւոր անցակէտը, որուն ճամբով Հըզպալլան մարտական միջոցներ կը փոխադրէ, թէեւ Մասնաայի անցակէտը Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքային անցակէտ կը նկատուի եւ ենթակայ է լիբանանեան պետութեան վերահսկողութեան», ըսաւ ան:

Ատրահի լիբանանեան պետութենէն պահանջեց խիստ խուզարկութեան ենթարկել բեռնակառքերն ու ինքնաշարժները եւ Սուրիա վերադարձնել անոնք, որոնք զէնք-զինամթերք կը տեղափոխեն:

Հըզպալլան երէկ շարունակեց Իսրայէլի դէմ իր գործողութիւնները` ընդլայնելով հիւսիսային Իսրայէլի մէջ իր թիրախներու ծիրը:

Կուսակցութիւնը առաւօտեան ժամը 7:00-ին հրթիռակոծեց Հայֆայի հիւսիսը գտնուող «Քրիոթ»-ը, ժամը 8:20-ին` Տինած Սաֆատը, ժամը 10:20-ին` «Իլանիա» ռազմակայանը, ժամը 11:24-ին` լիբանանեան բռնագրաւեալ Քֆարշուպայի բարձունքները: Իսրայէլեան տեղեկատուական կայքի մը համաձայն, փորձ կատարուած է հարուածելու Կեսարիոյ մէջ կազի հարթակ մը եւ ելեկտրականութեան կայարան մը:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց. «Լիբանանէն արձակուած հրթիռ մը ուղղակիօրէն հարուածեց Քիրիաթ Շմոնայի մէջ շէնք մը»: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը նշեց, որ Լիբանանէն արձակուած հրթիռներու պատճառով Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին եւ վարին Գալիլիոյ շարք մը շրջաններու մէջ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուած են:

Հըզպալլա ինք յայտարարեց. «Մարուն Ռասի դաշտին մէջ ռմբակոծեցինք իսրայէլեան թշնամիի մեքենաներու ու զինուորներու ուժ մը եւ անոր շարքերուն մէջ պատճառեցինք զոհեր ու վիրաւորներ»:

Միւս կողմէ, Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Իսրայէլացիները որոշ ժամանակ Լիբանան պիտի մնան»: