Տօնդ Շնորհաւոր՝ Հայկական Բանակ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ - Ասպարեզ
Ամէն տարի, Յունուար 28ին, կը տօնախմբենք մեր ազգային բանակի հիմնադրութեան տօնը: Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ: Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան տարեդարձը
Յստակ է, թէ երկրի մը բանակը իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ:
Ուստի կը կարծեմ, որ հայկական բանակի օրուան յիշատակումը առաջին իսկ հերթին մեր երկրին խաղաղութիւնը գնահատող, եւ անոր սահմանները ապահով պահողներուն երախտագիտութեամբ յիշելու օրն ու առիթն ալ է:
Որովհետեւ, մեր երկրի բանակը, մեր պատիւն ալ է:
Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ուստի հետեւցնելով կրնանք ըսել, թէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:
Միւս կողմէ սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնել, թէ ազգեր, պետութիւններ, ժողովուրդներ ոչ միայն իրենց երկրի խաղաղութեան, այլ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրին բանակին, անոր մարդուժի քանակին եւ որակին ու հզօրացման աշխատանքներուն: Անոր շարքերուն միշտ կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած են: Նոր զէնքերով եւ մարդուժով զինած են զայն: Միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գինով հոգացած են անոր ամէն տեսակի պահանջներն ու կարիքները:
Եւ որովհետեւ բանակին համար մեծագոյն արժէքը՝ զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի ամէն առիթով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են, ոտանաւորներ նուիրած անոր: Իր կարգին, երկրին մամուլն ալ յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները: Իսկ նոյն այդ երկրի ղեկավարները, առ ի երախտագիտութիւն՝ միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները, յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով եւ յուշակոթողներով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փողոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու ու հերոսներու անուններով յիշատակած են:
Սփիւռքի տարածքին թէ հայրենի հողերուն վրայ ապրող կամ գոյատեւող հայեր, մեր կեանքի հեւքին հետ ալ միատեղ, միշտ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն:
Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:
Ուստի անսակարկ պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել, զինել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Աջակցիլ եւ անոր ցաւերուն կարեկցիլ: Անոր կողքին կենալ: Գործնականապէս զօրավիգ կանգնիլ:Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:
Մեր ժողովուրդը, պատիւ իրեն, միշտ ալ բարձր գնահատած է հայ բանակին, հայ զինուորին եւ հայ ազատամարտիկին հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահո-գուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր յաջողութիւններով:
Որովհետեւ ազգովին հաւատած ենք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:
Հայկական բանակն ու անոր անպարտելի մարտիկներն են որ այսօր խաղաղ երկինք կ՛ապահովեն մեր հայրենիքին:
Ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:
Տարեդարձդ շնորհաւոր՝ հայկական հզօր եւ քաջարի բանակ ու բանակայիններ:
Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է:
Միշտ մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է պէտք է դառնայ մեր հայ բանակը: Վստահութիւն եւ հաւատք պէտք է ներշնչել ներշնչել անոր ու այս ձեւով ամրապնդել՝ մեր յոյսերը:
Փառք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, յաղթանակ կերտող մեր զինուորին եւ իր արիւնը հայրենիքի հողի պաշտպանութեան թափող նահատակ եւ մարտիրոսացած՝ հայուն եւ մեր բանակի մեծ ու փոքր բոլոր զինուորականներուն: