Սեդօ Պոյաճեան

Մայիսի 28-ն է Ազգային ճանաչման եւ Անկախութեան Օրը

31 de mayo de 2017

Mayis 28Մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ միշտ պիտի յուշէ մեր բոլորին, «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։ Անշուշտ բանաստեղծը չէր սահմանափակեր իր պատգամին էութիւնը լոկ ճակատամարտին։ Ճակատամարտէն անդին ու աւելին, պատգամը անոր ոգիին եւ խորհուրդին մասին է։

Արդի հայութեան ազգային ինքնաճանաչման եւ գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրն է Սարդարապատէն բխող ոգին, խորհուրդը եւ կամքը, որոնց կենդանի մարմնաւորումը կը հանդիսանան 1918 Մայիսի 28-ին նուաճուած անկախութիւնը եւ վեց դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք վերահաստատուած ազգային պետութիւնը։ Առանց Մայիսի 28-ին մենք ոչինչ էինք իբրեւ ժողովուրդ։

Առանց պետականութեան մենք պիտի մնայինք ոչինչ՝ իբրեւ ազգութիւն։

Ազգովին տակաւին կը դժուարանանք խորաթափանցել Մայիսի 28-ի իմաստին, պատգամին եւ խորհուրդին։ Պահ մը խորհրդածենք մեր ազգային իրավիճակի մասին՝ 1918ի Մայիսեան օրերուն։ Մեր գոյութիւնը քարշ կու տայինք իբրեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքով կոտորակուած հաւաքականութիւն։ Չունէինք ազգակեդրոն իշխանութիւն։ Օտար էին մեզի համար ազգային տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան գաղափարները։ Չունէինք կեդրոնացեալ ազգային մշակոյթ եւ կրթական ծրագիր։ Նոյնիսկ չունէինք յստակ հողատարածք, որ կոչէինք Հայաստան։

Պարզ, չունէինք ոչինչ իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն։ Սակայն, ունէինք մեր ազատագրական պայքարի փորձառութիւնը, ունէինք մեր կամաւորական գունդերը, կը վայելէինք պաշտպանութիւնը մեր աննման ֆետայիներուն, եւ կը վստահէինք յեղափոխական խոյանքներ իրականացնող մեր մարտական ղեկավարութեան։

Այս էր իրավիճակը Մայիսեան գուպարներէն առաջ, երբ թրքական զօրքերը պաշարած էին Արարատեան դաշտը։ Այս անգամ անոնք եկած էին բնաջնջելու հայութեան մնացորդացը։ Այդ նպատակին համար անոնք դիրք բռնած էին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ։

Վատէն աւելին էր մեր ժողովուրդին կացութիւնը։ Մինչ թուրքական զօրքերը կը յառաջանային Հայաստանի վրայով դէպի Կովկաս, մեզի բարեկամ ներկայացող օտար ուժերը կը հեռանային հայկական գիծերէն։

Վլատիմիր Իլյիչ Լենինի պոլշեւիկեան հրահանգով ռուս բանակները կը վերադառնային «տուն»՝ լքելով հայկական դիրքերը եւ թողնելով հայը իր ճակատագրին։

Արեւմտեան դիւանագէտներն ու ներկայացուցիչները, իրենց պատկան կառավարութեանց որոշումով, հապճեպով փախուստ կու տային հայկական տարածքներէն։

Մեզի հարեւան ներկայացող Վրաստանը իր պիղատոսեան իմաստութեան հենելով որդեգրած էր չէզոքութեան դիրք, որպէսզի հեռու մնայ «խորտակուող Հայաստանի նաւէն» եւ մերձենայ եկուոր թուրք ուժերուն։

Իսկ Ադրբեջանը կը պատրաստուէր վերջին խրախճանքին՝ տօնելու համար հայութեան վերջնական բնաջնջումը։

Ամենէն վատը, հայութեան օտարասէր տարրը սեփական կաշիով մտահոգ՝ բռնած էր իր կարգին հայրենիքէն փախուստի դասալքութեան ճանապարհը։

Հայ ժողովուրդը լքուած էր բոլորէն։ Սակայն առանցին չէր։ Իր սրտին մէջ էր Հայասպանութեան ցաւը։ Իր թիկունքին էր հայկական յեղափոխութեան փորձառութիւնը։ Իր բազուկին մէջ էր հայ ֆետայիին կամքը։ Ամենէն կարեւորը, հայութեան Աստուածը կը մնար ամուր՝ իր ժողովուրդին հետ։ Այդ Աստուածը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր՝ իր մարտականներով, ֆետայիներով, մտաւորականներով եւ առաջնորդներով։

Հայութեան Աստուածը մեր ժողովուրդին տուաւ թշնամին հարուածելու կամքի հրաշքը եւ այդ հարուածներու համազարկը յանձնեց ֆետայիներուն եւ ժողովուրդին սիրելի Արամ Մանուկեանին՝ հայկական լեռնաշխարհի արցախածին զանգեզուրցի զաւակին։

Հայկական յեղափոխութեան տեսաբան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի բացատրութեամբ, «Դասալքման, յուսաբեկման այդ օրերին հորիզոնի վրայ կը ցցուի ահա Դաշնակցութիւնը, որի Թուր Կեծակին եւ գուրզը իր ձեռքն է առած Արամը՝ Ծուռ Դաւթի նման»:
Մայիս 21էն մինչեւ Մայիս 28 երկարող օրերուն, թշնամիին դէմ ծառացած էին հայոց ծռերը՝ առաջնորդութեամբ Դաշնակցութեան Ծուռ Դաւթին՝ Արամին։ Անոնք պարտութեան մատնեցին Մսրամելիքներուն՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ։

Այսպէս ծագեցաւ հայութեան «վարդահեղեղ արշալոյսը»։ Վեց դարերու ազգային իշխանութենէ զրկուած, քաղաքական ղեկավարման անօթը փշրուած եւ պետականազուրկ հայութիւնը նուաճեց իր ազգային անկախութիւնը՝ Մայիս 28-ին ու վերականգնեց իր սեփական պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Այս նուաճումներն են, պէտ՛ք է ըլլան մեր ազգային ճանաչման եւ գիտակցութեան ներշնչարանը։ Սարդարապատեան գոյամարտերով նուաճուած Մայիսի 28-ով վերածուեցանք համախումբ ազգութեան։ Հայաստանի հանրապետութեան հաստատումով վերածուեցանք միջազգայնօրէն ճանաչուած պետականութեան տէր ժողովուրդի։

Անձեւ քաոսէն կերտեցինք արի ու հպարտ ժողովուրդ եւ պետութիւն։ Հիմնեցինք խորհրդարանական պետական համակարգ։ Ստեղծեցինք ազգային, ընկերային, տնտեսական եւ գիւղատնտեսական պետական կառոյցներ։ Առաջացուցինք ազգային կրթութիւն եւ մշակոյթի զարգացման կառավարական հիմնարկներ։ Իրագործեցինք ազգային բանակի դրութիւն եւ դիւանագիտական կորպուս։

Աւելին, ընդարձակեցինք հազիւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթր հաշուող տարածքը 50 հազար քառակուսի քիլոմեթրէ աւելի հաշուող հայրենական հողատարածքի։ Եւ այս բոլորը կատարեցինք հազիւ երկու տարիներու ընթացքին։

Պատմութեան անողոք դասաւորումով անկախ պետութիւնը խորհրդայնացաւ։ Ապա վերանկախացաւ։ Սակայն թէ ՛ խորհրդայնացումը եւ թէ վերանկախացումը հիմնուած էին Հայաստանի Մայիսի 28ի հանրապետութեան իրաւական ու պատմական գոյութեան վրայ։ Առանց Հայաստանի

Հանրապետութեան չէին կրնար գոյութիւն ունենալ իբրեւ պետութիւն եւ սահմանագծուած հայրենիք՝ ո՚չ Սովետական Հայաստանը, ոչ ալ վերանկախացած Հայաստանը։

Հետեւաբար, մեր ազգային ճանաչման եւ անկախութեան օրը Մայիսի 28-ն է։ Մեր անկախ պետութիւնը այսօր 99 տարեկան է, ոչ թէ 26։

Մայսի 28-ի Անկախութեան օրուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի սեմին, հաւատարիմ մնալու համար մեր ազգային ինքնաճանաչման ներշնչարանին, հայրենի նոր կառավարութեան եւ խորհրդարանի առաջնահերթ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ տէր կանգնիլ մեր պատմական ու քաղաքական ժառանգութեան եւ հաւատարիմ մնալ Մայիսեան խոստումին։ Այդ նպատակին համար անոնք պէտք է անմիջապէս գործադրելի որոշում կայացնեն.-
Առաջին, հանդիսանալով շարունակութիւն Սարդարապատեան գուպարներով ստեղծուած պետութեան, Մայիսի 28-ն վերահաստատել իբրեւ Անկախութեան Օր։

Երկրորդ, յաւերժացնելու համար Սարդարապատեան գոյամարտով հիմնադրուած պետականութեան խոստումը, երեւանի Ազատութեան հրապարակի կեդրոնը կանգնեցնել արձանը Արամ Մանուկեանի, որուն նայուածքը ըլլայ ուղղուած դէպի Արեւմտեան Հայաստան։

Մենք տակաւին ունինք «անկատար տենչեր», որոնք պիտի կատարելագործուին Մայիս 28-ի ճանաչումով եւ Արամ Մանուկեանի ներշնչումով։