COP29-ին Ընդառաջ՝ Հայ Դատի Համակարգին Աշխատանքները

24 de julio de 2024

 

11էն 22 Նոյեմբեր 2024ին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ պիտի գումարուի ՄԱԿի կլիմայի փոփոխութեան համագումարը (COP29).կ՛ակնկալուի, որ անոր պիտի մասնակցին հազարաւոր կառավարական պատուիրակներ, լրագրողներ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ատրպէյճան այս համաժողովը կ՛օգտագործէ՝ միջազգային հանրային կարծիքը իր էութեան մասին մոլորեցնելու։

Միաժամանակ, այս համաժողովը առիթ է, որ ներկայացնենք Ատրպէյճանի իսկական՝ ցեղասպանական, ռազմատենչ, ամբողջատիրական եւ հակաժողովրդավարական էութիւնը, բարձրաձայնելով նաեւ կլիմայի փոփոխութեան մէջ Ատրպէյճանի բացասական վարքագիծին մասին։

Հայ Դատի համակարգը, իր յանձնախումբերով եւ գրասենեակներով, այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներ տանելէ ետք, արդէն սկսած է իրականացնել յատուկ մշակուած ծրագիր մը՝ հասնելու համար այն բոլոր շրջանակներուն՝ կառավարական, քաղաքական, հասարակական եւ լրատուական, որոնք որեւէ չափով առնչութիւն ունին COP29-ին հետ։ Այդ աշխատանքներուն նպատակն է՝ շեշտել արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, մղել նշեալ շրջանակները՝ ազդեցութիւն բանեցնելու Ատրպէյճանի վրայ՝ պահանջելով Արցախի մէջ իր գործադրած ցեղասպանական արարքներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս իր ներխուժումին, եւ հայ գերիներու անօրէն պահպանելու հարցերով իր հայատեաց քաղաքականութիւնը փոխել։

 

Այս աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է իւրաքանչիւր հայու, որ ընկերային ցանցերու (social media) վրայ օգտատէր է։

Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, որ ընկերային ցանցերու վրայ, այս նպատակով օտար լեզուներով գրառումներ կատարեն, միաժամանակ օգտագործելով առնուազն այս չորս hashtag-ները. #COP29Exposed , #COPout29 , #COP29 , #COP29Azerbaijan։ Այս կայքէջէն (copout29.com) կրնաք վերցնել Հայ Դատի համակարգին կողմէ պատրաստուած կարգ մը գծանկարներ եւ տեսանիւթեր, որոնք կ՛արտայայտեն մեր տեսակէտները։ Բոլոր գրառումներուն եւ կամ գծանկարներուն հետ վերոյիշեալ hashtag-ները օգտագործելը խիստ կարեւոր է։

Մեր տեսակէտները բարձրաձայնելու համար, յարմար առիթ են նաեւ յառաջիկայ օրերուն մեկնարկող 2024ի Ողիմպիական խաղերը, Փարիզի մէջ։

Ընկերային ցանցերու վրայ, հայկական շրջանակներու հետ համագործակցաբար, այսպիսի աշխատանքի մը մասնակից է նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ։ Այս առիթով, հայութեան ուղղուած իր ուղերձը Օքամփօ կ՛եզրափակէ՝ գրելով. «Միջազգային հանրութեան ջանքերը միաւորելով՝ դուք կրնաք հասնիլ հոն, ուր COP29-ին ընթացքին պիտի քննարկուին ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլ նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան հարցերը: Հայեր, ժամանակն է, որ փոփոխութիւններու առաջամարտիկը ըլլաք: Գրառումներ ըրէ՛ք, մեկնաբանեցէ՛ք եւ բարձրացուցէ՛ք ձեր ձայնը: Ձեզի կը միանան շատերը, ներառեալ՝ ես»:

Քաղաքական հանրայայտ դէմքեր եւ միջազգային զանազան կազմակերպութիւններ արդէն իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են COP29-ը Պաքուի մէջ գումարուելուն առնչութեամբ։ Ոմանք նոյնիսկ կոչ ըրած են՝ պոյքոթելու այդ նախաձեռնութիւնը։

Հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար, մենք պարբերաբար կ՛անդրադառնանք այս աշխատանքներուն։

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
22 Յուլիս 2024